Հարութ Սասունեան ելույթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում Պոսթընի մէջ

Հարութ Սասունեան ելույթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում Պոսթընի մէջ
shadow
Հարութ Սասունեանի ելույթը Պոսթըն, Ապրիլ 6, 2025
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում՝ Պոսթընի մէջ
Կիրակի, Ապրիլ 6-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշուեցաւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։ Շուրջ 150 հայորդիներ ներկայ եղան, այս ձեռնարկին։

Harut Sassounian

Հարութ Սասունեանի ելույթը Պոսթըն, Ապրիլ 6, 2025

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում՝ Պոսթընի մէջ

Կիրակի, Ապրիլ 6-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշուեցաւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։ Շուրջ 150 հայորդիներ ներկայ եղան, այս ձեռնարկին։

Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հ․Օ․Մ․-ի «Լէոլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նժդեհ» մասնաճիւղը, տեղւոյն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ «Համազգային»-ի մասնաճիւղերը, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնը, Նիւ Ինկլընտի Հ․Բ․Ը․Մ․-ը, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը եւ «Շահպազեան» հիմնարկը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը, որուն բանախօսն էր «California Courier» թերթի խմբագիր , «Արցախ Ֆոնտ»-ի հիմնադիր եւ տարիներ շարունակ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ՝ Յարութ Սասունեան։

Օրուան հանդիսավարն էր «Սարդարապատ» կոմիտէութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Անի Խաչատուրեան, որ նշեց յարատեւ պայքարի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով հետեւողական աշխատանքի կարեւորութիւնը։ Խօսք առաւ, նաեւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Նիւ Ինկլընտի նախագահ Արա Պալիքեան, որ իր կարգին շեշտեց, թէ դիւանագիտական բեմահարթակէն պէտք է շարունակ գործել, մանաւանդ երբ Ցեղապանութէնէն 110 տարի ետք, այս անգամ Արցախն ալ, իր գրաւուած տարածաշրջանով եւ բանտարկեալներով կը մտահոգէ հայորդին։

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ, Սասունեանի դասախօսութեան նիւթն էր․- «Մոռցուած անմոռանալին․- Մ․Ա․Կ․-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 40-ամեակ»։ Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց այս նիւթին առնչութեամբ։

Ան շեշտեց, թէ Օգոստոս 29, 1985-ին Մ․Ա․Կ․-ի «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը» 15 կողմ, 1 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին զեկոյց, որուն 24-րդ կէտին մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ «Նացիական շեղումը, ցաւօք, ցեղասպանութեան միակ դէպքը չէր 20-րդ դարուն: Ի թիւս այլ օրինակներու, որոնք կրնան այդպէս որակուիլ` 1904-ին գերմանական կոտորածը հերերոներուն, (եւ) Օսմանեան կայսրութեան հայերու ջարդերը 1915-1916 թուականներուն»:

Ան աւելցուց, թէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի վերաբերեալ վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյցը պատրաստած է բրիտանացի յատուկ զեկուցող Պենճըմին Ուիթաքըր:

Սասունեան նշեց, թէ այս զեկոյցը կը ներառէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն: Նշենք, թէ այդ զեկոյցին աւելի կանուխ տարբերակը, որ պատրաստած էր Ռուանտայէն Մ․Ա․Կ․-ի յատուկ զեկուցող Նիքոտըմ Ռուհաշեանքիքօ, իր 30-րդ պարբերութեան մէջ ներառած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակում, որ հետագային ջնջուեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէ` թրքական կառավարութեան չափազանց մեծ ճնշումներուն պատճառով:

«Այս փաստերուն մասին անձամբ գիտեմ, քանի որ 1978-1985 թուականներուն ես եղած եմ Մ․Ա․Կ․-ի մէջ Ժընեւ` իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ` հակազդելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը ջնջելու թրքական բազմաթիւ փորձերուն», ըսաւ ան:

Աւարտին, Սասունեան կարեւորեց դիւանագիտութեան դերը, որուն շտապ կարիքն ունի Հայաստանը։ Կատարուեցաւ հարց-պատասխան եւ ապա, խօսք առաւ «Թէքէեան» մշակութային ընկերակցութեան վարչական պատասխանատու Արամ Արքուն, որ իր կարգին շեշտեց Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը։

Նշենք, թէ նախքան բանախօսութիւնը, գեղարուստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի «Համազգային»-ի «ArtNova» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Արթիւր Վարանեանի, որ ներկայացուց Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, «Գարուն ա»-ն, Մաշտոցի «Տէր ողորմեայ»-ն եւ Առնօ Պապաճանեանի «Տղերքը, որոնք չկան»-ը։

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ․ Տ․ Հրանդ Ծայր․ վրդ․ Թահանեանի աղօթքով, աւարտեցաւ այս ձեռնարկը։

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus